Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 13 դեկտեմբերի թուիթը` ''աղօթեցէք ինծի ու բոլոր քահանաներուն
համար''։
(Ռ.Վ.13 դեկտեմբեր 2014) Շաբաթ` 13 դեկտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան
Քահանայապետը, իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամակցութեան
45 տարեդարձին առիթով` որ տեղի ունեցած էր 13 դեկտեմբեր 1969-ին, հրատարակեց թուիթ մը
որուն մէջ հաւատացեալներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն ու բոլոր քահանաներու դիտաւորութեան։
''Այսօր – գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր թուիթերեան կայքին վրայ – իմ քահանայական ձեռնադրութեանս
տարեդարձն է։ Ձեզմէ կը խնդրեմ աղօթել ինծի ու բոլոր քահանաներուն համար''։ Յայտնենք
թէ Քահանայապետական թուիթերեան @Pontifex կայքի հետեւորդներու թիւը գերազանցեց 17 միլիոն
օգտատերերը։ Քահանայապետական կայքը իր 9 լեզուներով գործունէութիւնը սկսած էր 3 դեկտեմբեր
2012-ին եւ 12 դեկտեմբեր 2012-ին` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հրատարակած էր իր առաջին
թուիթը։